2017-09-25 09:36:00

1000 գիւղի փրկութիւնը` Սփիւռքի ներդրման շնորհիւ


«20 սմարթ կեդրոն կառուցելու համար անհրաժեշտ է 200 միլիոն տոլար: Կան մեծահարուստ հայեր, որոնց գրպանին համար սա մեծ գումար չէ, բայց  այդ 200  միլիոնը կրնայ գիւղերու հայութեան փրկութիւնը ըլլալ»:

Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի (COAF) հիմնադիր եւ խորհուրդի ատենապետ, դոկտոր Կարօ Արմէնը ելոյթ  ունեցած է «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի ընթացքին:

Անդրադառնալով Հիմնադրամի 13-ամեայ գործունէութեան` դոկտոր Արմէն նշած է, որ գիւղերուն մէջ COAF-ի գործունէութիւնն ինքնանպատակ չէ: Նկատելով, որ երեխաները շատ բարձր ունակութիւններ ունին, բայց չունին միջոցներ, Հիմնադրամը երեխաներուն համար մուտք ապահովեց այդ միջոցներուն: 44 գիւղի մէջ բարձր արդիւնաւէտութեամբ աշխատելով` այսօր Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամը վերանայած է ռազմավարութիւնը. պէտք է գործը հասցնել Հայաստանի բոլոր 1000 գիւղեր:

Նպատակը մէկ է` արագացնել գիտելիքի փոխանցումն ու կրթութիւն ապահովել տարբեր ոլորտներու մէջ, որ թափ առնէ գիւղական  համայնքներու յառաջընթացը:

«Նոր ձեւ մը  ստեղծած ենք, որ կը կոչուի սմարթ: Աշխատասիրութիւնը բաւական չէ. պէտք  է խելացի ձեւով աշխատինք: Հենց այդ նպատակով է, որ յառաջիկայ 10-15 տարուան ընթացքին Սմարթ կեդրոններու միջոցով բոլոր գիւղերը  կ’ուզենք հասնիլ »:

Կարօ Արմէնը համոզուած է, որ ՍՄԱՐԹ նախաձեռնութիւնը կրնայ ըլլալ գիւղին մէջ աճող սերունդի փրկութիւնը: «Յաջողելու համար  քանի մը բանի կարիք կայ. գումարը կարեւոր է: Բացի այդ, մենք պէտք է տարածենք աշխարհի մէջ բոլոր բնագաւառներու լաւագոյնը` կրթութիւն, ուսում, առողջապահութիւն եւ այլն: Ոչ միայն հայկական լաւագոյնը, այլեւ համաշխարհային: Սա է զարգացումը: Դիւրին գործ չէ, բայց հնարաւոր է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.